Patronats- und Madaghfest der Gemeinde begangen
Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022֊ին, Նոյվիտի Սուրբ Խաչ Հայ Համայնքի անուանակոչութեան օրուայ ու ավանդական մատաղօրհնութեան առթիւ համայնք այցելեց եւ տօնական Սբ. Պատարագը մատուցեց Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս. Իսախանեանը։ Սրբազան հօր կողքին Սուրբ սեղանին սպասաւորեցին Համայնքի հոգեւոր հովիւ Տ. Վահրիճը եւ Ուկրաինայի Հայոց Թեմի Դոնեցկի մարզի Մակէեւկա քաղաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցու հոգեւոր Նարեկը։ Սբ․ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին համայնքի դպրաց դասին անդամները` Քէօլնի Հայ Համայնքի „Կոմիտաս“ երգչախմբի դաշնակահար տիկին Իրէնա Թապաքէրի նուագակցութեամբ։
Կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ մասնաւոր հոգեհանգիստ Համայնքի հին եւ նոր ննջեցեալներու եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած հայ զինուորներուն համար։
Յաւարատ Սուրբ Պատարագի` համայնքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մատաղի սիրոյ ճաշ։
Արարողութեանց եւ սիրոյ սեղանին բազմաթիւ համայնքայիններու կողքին ներկայ էին նաեւ Քէօլնի Հայ համայնքի ատենապետ Տիկին Շաքէ Զէյնալեանն եւ Փոխատենապետ Պետրոս Սրկ․ Կարինեանը, ինչպէս նաեւ Քէօլնի Հայ համայնքի թեմական պատգամաւոր Յակոբ Սերոբեանը։